image

Հայաստանը երբ կը վերադառնայ ընդհանուր lockdown-ի. Վարչապետի պարզաբանումը

Հայաստանը երբ կը վերադառնայ ընդհանուր lockdown-ի. Վարչապետի պարզաբանումը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆեյսպուքեան ուղիղ տեսակապի ժամանակ քաղաքացիները յորդորած է հետեւիլ անվտանգութեան կանոններուն՝ վարակուելու հաւանականութիւնը նուազեցնելու համար: Ան նշած է, որ երկրին մէջ կան հազարաւոր մարդիկ, որոնք ախտանիշներ չունին, բայց, կանխարգելիչ միջոցառումներ չձեռնարկելով, կրնան վարակել իրենց շրջապատին:

«Որքան շատ է վարակուածներու թիւը, այնքան շատ է ծանր եւ առանձնապէս ծանր հիւանդներու թիւը, մահացութիւններու թիւը եւս կ'աւելնայ: Մեր առողջապահական համակարգի հզօրութիւնը մեծցած է, կը շարունակէ մեծնալ, սակայն, եթէ ծանր դէպքերը շատնան, ապա հիւանդանոցներուն մէջ տեղ չի մնար:

Այդ պարագային մենք ստիպուած պիտի ըլլանք վերադառանալ ընդհանուր «լոքտաուն»ի, կեանքը կանգ պիտի առնէ իր բոլոր տնտեսական ու ընկերայինն հետեւանքներով»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը: