image
Հրատապ լուրեր:

697 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 7509-ի

697 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 7509-ի

Հայաստանի մէջ, 4 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 11221 դէպք, որոնցմէ 3468 ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 7509 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 63 459 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 697 նոր դէպք եւ 14 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 6 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 176):

Արձանագրուած է մահուան եւս 9 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 68 է: