image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Վարչապետին իրավիճակը կը շարունակէ ահագնանալ

Ըստ Վարչապետին իրավիճակը կը շարունակէ ահագնանալ

«Քորոնա» ժահրի վարակի հետ կապուած իրավիճակը կը շարունակէ ահագնանալ Հայաստանի մէջ, ցաւօք սրտի: Այս մասին, այսօր՝ 2 յունիսին, պարէտատան նիստէն ետք կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Անոր խօսքով, հիմնական հարցը, որ կը ծագի, հետեւեալն է՝ ինչու այս ամէնը մեզի հետ տեղի կ'ունենայ. «Ես կ'ուզեմ եւս մէկ անգամ կրկնել, որ ամենամեծ հարցը հակահամաճարակային կանոններուն պահպանումն է: Մենք ունինք համոզուածութիւն, որ այդ կանոններու պահպանումը կը բերէ վարակի թիւերու նուազման, ընդհուպ մինչեւ զէրոյացման:

Մեր իշխանութեան ծագումնաբանութիւնը, ըստ էութեան, այս իրավիճակին մէջ կ'աշխատի մեր դէմ: Որովհետեւ ՀՀ-ի մէջ 2018-էն ետք վախի մթնոլորտը զէրոյացած է, բայց ատոր փոխարէն օրինապահութեան մթնոլորտը դեռ պատշաճ աստիճանի չէ հասած: Ըստ էութեան, գործ ունինք իրավիճակի մը հետ, երբ խախտումներու արձանագրման որակի եւ կոշտութեան հետ ալ հարց ունինք:

Ես մէկ օրինակ բերեմ, երբ առեւտուրի վայրին մէջ կանոններու խախտում կ'արձանագրուի, եւ որոշում կը կայացուի այդ վայրը փակել, եւ այն ենթադրաբար վարակի տարածման շատ լուրջ աղբիւր է, յաջորդ պահին կու գան փաստարկներ, որ առեւտուր ընողներու մթերքը կը փճանայ, անոնք վնասներ կը կրեն: Մենք այստեղ գործ ունինք վարչարարութեան կոշտութեան պակասի հետ:

Այս ամէնը կը սրուի երկրի մէջ հաստատուած այն մթնոլորտով, որ եթէ ենթադրենք վարունգի կամ լոլիկի որեւէ կէտ շատ չոր կերպով փակուի, ի յայտ կու գան մեկնաբանութիւններ, որ երկրի վարչապետը որոշած է վարունգի, լոլիկի  կամ կանաչիի  առեւտուրի մենաշնորհ հաստատել»,-ըսած է Փաշինեանը: