image

«Մենք պատրաստ ենք» Արցախի նախագահէն կարեւոր ուղերձ

«Մենք պատրաստ ենք» Արցախի նախագահէն կարեւոր ուղերձ

Մենք կը փորձենք ստեղծել համերաշխութեան նոր մթնոլորտ եւ իրավիճակ, այդ շատ կարեւոր է: Այս մասին քիչ առաջ Facebook-ի իր էջի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը՝ անդրադառնալով ԱԳ նախարարի պաշտօնին Մասիս Մայիլեանը, իսկ ԱԽ քարտուղարի պաշտօնին Սամուէլ Պապայեանը նշանակելու մասին:

«Ես պատահական չեմ նշեր սա, որովհետեւ երէկ արդէն Իլհամ Ալիեւը իր հերթական յայտարարութիւնները կատարած է: Ի հարկէ, չեմ ուզեր վիրաւորել, բայց այդ քաղաքական գործիչին վայել յայտարարութիւններ չեն եղած, մանաւանդ այս յայտարարութիւնը. «Աշխարհի մէջ ուժի գործօնը առաջնային կը դառնայ»: Այսինքն ուժի միջոցով հարցի լուծման ճանապա՞րհ ընտրեր ես: Պարոն Ալիեւ, մենք պատրաստ ենք եւ կ'ուզեմ նաեւ վստահեցնել ձեզի, որ արդիւնքները մեզի համար պարզ են: Այն ինչ ունեցեր էք 1994-ին, կ'ունենաք նաեւ այսօր: Մեզի հետ ուժի լեզուով երբեւէ չփորձէք խօսիլ»,-ըսած է Արցախի նախագահը: