image
Հրատապ լուրեր:

460 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 5214-ի

460 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 5214-ի

Հայաստանի մէջ, 29 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 8676 դէպք, որոնցմէ 3297 ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5214 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 56 042 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 460 նոր դէպք եւ 10 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այսօր արձանագրուած է 7 մահուան դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 120):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 72 (տղամարդ), 42 (կին), 59 (տղամարդ), 66 (տղամարդ), 65 (կին), 64 (տղամարդ), 56 (կինտարեկանՎերջինէն բացիմնացած բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ:

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 45 է: