image

Յարգանքի տուրք՝ Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակին

Յարգանքի տուրք՝ Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ ՀՀ բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեցին Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակին։

Պետական այրերը նախ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Սարդարապատի յուշահամալիրի մօտ, ապա յարգանքի տուրքի մատուցման արարողութիւնը ուղեկցուեցաւ Տէրունական աղօթքով:

Յիշեցնենք՝ այս տարի քաղաքացիներու մուտքը յուշահամալիր արգիլուած է, պիտի ըլլան միայն պաշտօնական միջոցառումներ՝ «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած: