image

289 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 4052 -ի

289 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 4052 -ի

Հայաստանի մէջ, 26 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 7402 դէպք, որոնցմէ 3220ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 4052 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 52 554 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 289 նոր դէպք եւ 75 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 91 (աւելցած է եւս 4-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 81 (կին), 85 (տղամարդ), 70 (կին), 83 (կին)  տարեկան, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան 39 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։