image
Հրատապ լուրեր:

351 նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2718-ի

351 նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2718-ի

Հայաստանի մէջ, 18 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 4823 դէպք, որոնցմէ 2019-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2718 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 41 850 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 351 նոր դէպք եւ 94 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 61 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 84 տարեկան տղամարդ եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդ դէպքերու ընդհանուր թիւը հասած է 25-ի։