image

Հերոսական ճիգեր. Հայաստանի բանտերուն մէջ վարակակիրներ չկան

Հերոսական  ճիգեր. Հայաստանի բանտերուն մէջ վարակակիրներ չկան

Գրեթէ հերոսական ջանքեր պահանջուած են, որ մինչ այսօր որեւէ դատապարտուածի եւ որեւէ կալանաւորուած անձի մօտ «Քորոնա» չէ յայտնաբերուած, թէեւ քրէակատարողական ծառայողներու շրջանին ունինք վարակման դէպքեր: Այս մասին ԱԺ-ի մէջ Կառավարութեան 2019 թ. կատարողականի մասին զեկոյցի քննարկման ընթացքին յայտարարած է արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը՝ անդրադառնալով «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանի՝ ՔԿՀ-ներ յանձնուքներու փոխանցման արգելքին:

«Յանձնուքներու սահմանափակումներու թեթեւացում կրնա՞յ ըլլալ, քանի որ կան դատապարտուածներ կամ կալանաւոներ, որոնք ունին քարտեր, որոնց օգնութեամբ կրնան խանութներէն ինչ-որ գնումներ ընել, ինչու միւսները գոնէ չկարողանան յանձնուքներ ստանալ»,-հետաքրքրուած է պատգամաւորը:

Բադասեանը նշած է՝ երէկուան տուեալներով՝ կայ 2142 դատապարտուած եւ կալանւորուած անձ: «Պատկերացուցէք՝ եթէ բոլորի ազգակիցները գան, եւ յանձնունքներով մտնեն ՔԿՀ-ներ, վարակի տարածման ինչ ցուցանիշներ կրնան ըլլալ: Խնդիրը միայն այդ է»,-պարզաբանած է նախարարը: