image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ կառավարութիւնը աջակցած է աւելի քան 1 միլիոն քաղաքացիի

Հայաստանի մէջ կառավարութիւնը աջակցած է աւելի քան 1 միլիոն քաղաքացիի

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքներու չէզոքացման միջոցառումներու շրջածիրէն ներս աւելի քան 1 միլիոն մարդ կառավարութենէն ստացած է ուղիղ աջակցութիւն: Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետը յիշեցուցած է, որ կառավարութիւնը իրականացուցած է հակաճգնաժամային 16 միջոցառում։ «Որպէս արդիւնք՝ հասցուցած ենք արդէն իսկ աջակցութիւն ցուցաբերել շուրջ  21 հազար տնտեսավարողի՝ յատկացնելով արտօնեալ վարկեր: Եւ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ՝ ֆիզիքական անձ կառավարութենէն ստացած է ուղիղ աջակցութիւն»,-ըսած է ան:

Վարչապետը շեշտած է՝ հակաճագնաժամային գործողութեան առաջին նպատակը եղած է Հայաստանի մէջ խուճապ թոյլ չտալը, երկրորդ ամենակարեւոր խնդիրը՝ ապահովել, որ առողջապահական համակարգը կարենայ սպասարկել «Քորոնա» ժահրով հիւանդ անձանց, այսինքն՝ բոլոր այն մարդոց, որոնք ունին բուժօգնութեան կարիք, ստանան այդ բուժօգնութիւնը: Այս նպատակով 300 համաճարակային հիւանդանոցային տեղերն առնուազն հնգապատկուած են՝ դառնալով 1500 մահճակալ, եւս 150 մահճակալ առաջիկայ օրերուն շահագործման պիտի յանձնուի: 600 հիւրանոցային-հիւանդանոցային տեղ պատրաստուած է ախտանշան չունեցող դէպքերու համար: «Մեր դէպքերու կէսէն աւելին մարդիկ են, որոնք կը կրեն «Քրոնա» ժահր, բայց ոչ մէկ ախտանշան չունին: Եւ անոնց նկատմամբ մեր քաղաքականութիւնն այն է, որ ոչ թէ բուժենք, այլ ապահովենք, որ ինչ-որ տեղ մեկուսանան, որպէսզի ուրիշները չվարակեն: 2300 հիւրանոցային տեղ պատրաստած ենք հիւանդի հետ շփուած մարդոց մեկուսացնելու համար: Այս ընթացքին շուջ 6000 մարդ մեկուսացուած է»,-ըսած է Փաշինեանն ու ընդգծած՝ շատ կարեւոր եղած է առաջին օրէն, որ մեկուսացման եւ հակաճգնաժամային միջոցառումներու ընթացքին քաղաքացիներէն որեւէ մէկուն արժանապատւութիւնը նսեմացնող գործողութիւն չընեն:

Ան նկատած է՝ Հայաստանի մէջ քարանաթինի պայմաններն ընդհուպ յայտնուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային մամուլի ուշադրութեան կեդրոն՝ որպէս օրինակելի ցուցանիշ:

Փաշինեանը կարեւորած է, որ ալեւմտական շուկան շատ արագ կայունացած է: Մարտի երկրորդ կէսին անկայունութեան միտումներ սկսան, սակայն շատ արագ այն ոչ միայն վերադարձաւ, այլ նաեւ Կեդրոնական դրամատունը այս ճգնաժամային շրջանին շուրջ 90 միլիոն տոլարի գնում իրականացուցած է շուկայէն:  Ան շեշտած է՝ ի տարբերութիւն շատ երկիրներու՝ Հայաստանի մէջ չեղաւ շուկայական անկում (քոլափս), յաջողեցան շատ արդիւնաւէտ կառավարել գնաճը: «Եւ այսօր ունինք ապրանքներ, որոնք աժանցած են, ունինք ապրանքներ, որոնք սղած են եւ ունինք ապրանքներ, որոնց գինը չէ փոխուած: Շուկային մէջ գնաճի առումով ունինք լիարժէք հաւասարակշռուած վիճակ»,-ըսած է Փաշինեան: