image

Պարէտի որոշմամբ կը թոյլատրուի զբօսնել բնակութեան վայրէն 1 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ

Պարէտի որոշմամբ կը թոյլատրուի զբօսնել բնակութեան վայրէն 1 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ

Հրապարակուած է պարէտի՝ 31 մարտ 2020-ին N 27 որոշման մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու վերաբերեալ որոշումը:

«Ղեկավարուելով «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 16 մարտ 2020-ի թիւ 298-Ն որոշմամբ` պարէտի՝ 31 մարտ 2020 -ի «Արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմով պայմանաւորուած Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին կիրառուող սահմանափակումներու վերաբերեալ» N 27 որոշման մէջ կատարել հետեւեալ փոփոխութիւններն ու լրացումները՝


1. Յաւելուած N 1-ի 5-րդ կէտը խմբագրել հետեւեալ բովանդակութեամբ՝ «5. Սոյն յաւելուածի 1-ին կէտէն բացառութիւն կը կազմեն՝

1) Յաւելուած N 2-ով թոյլատրուած՝ բնակութեան, ինքնամեկուսացման կամ աշխատանքի վայրէն քաղաքային բնակավայրերու մէջ առաւելագոյնը 500 մեթր, իսկ գիւղական բնակավայրերու մէջ առաւելագոյնը 1 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող առեւտուրի իրականացման վայրեր եւ անոնցմէ դուրս գործող առեւտուրի կէտեր յաճախելը.

2) Բնակութեան վայրէն ոչ աւելի, քան 1 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ մարզական վարժութիւններ կամ հեծանիւավարութիւն իրականացնելը.

3) Բնակութեան վայրէն ոչ աւելի, քան 1 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ զբօսնելը՝ ոչ աւելի, քան 2 չափահաս անձով կամ ընտանիքի անդամներով:

5.1. 5-րդ կէտով սահմանուած պարագաներուն անհրաժեշտ է սոյն յաւելուածի Ձեւ 2-ով սահմանուած՝ տեղեկութիւնները պարունակող թղթային կամ հեռախօսային յաւելուածի միջոցով լրացուած թերթիկի եւ անձը հաստատող փաստաթուղթի առկայութիւն»:

2. Սոյն որոշումն ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն»: