image

Մայր Աթոռի թելադրութեամբ 24 Ապրիլին դռնփակ Պատարագ պիտի մատուցուի

Մայր Աթոռի թելադրութեամբ 24 Ապրիլին դռնփակ Պատարագ պիտի մատուցուի

Ապրիլ 24-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակութեան օրը, ժամը 10։30-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր տաճարներուն մէջ դռնփակ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որուն աւարտին պիտի կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ:

Նոյն օրը ժամը 12։00-ին պիտի հնչեն բոլոր եկեղեցիներու զանգերը՝ ի ոգեկոչումն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդի զաւակները՝ համավարակի այս դժուարին պայմաններուն մէջ, նուիրական այս օրը իրենց տուներուն մէջ աղօթակից ըլլալ հոգեւոր դասին եւ միաբան ու միասիրտ հայցել մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը առ Աստուած՝ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի առողջ ու անվտանգ կեանքի եւ մեր հայրենիքի խաղաղութեան ու բարօրութեան համար։