image
Հրատապ լուրեր:

Չինաստանէն՝ Հայաստան. Օգնութիւններու երկրորդ խմբաքանակը հասաւ

Չինաստանէն՝ Հայաստան. Օգնութիւններու երկրորդ խմբաքանակը հասաւ

15 Ապրիլին յատուկ թռիչքով Չինաստանէն Հայաստան տեղափոխուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի համար անհրաժեշտ բժշկական պարագաներու եւ սարքաւորումներու հերթական խմբաքանակը:

Խմբաքանակը ձեռք բերուած է Էտուարտօ Էռնեկեանի ընկերութիւններու`

• «Քոնվերս Պանք» ՓԲԸ-ի,
• «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ՓԲԸ-ի,
• «Կարաս Ուայնս»-ի,
• եւ այլ նուիրատուներու կողմէ տրամադրուած նիւթական միջոցներով:

Հայաստան բերուած են.

✅աւելի քան 87 000 պաշտպանիչ բժշկական հագուստ,
✅24 000 բժշկական դիմակ,
✅20 000 KN95 պաշտպանիչ դիմակ,
✅101 հեռահար ջերմաչափ,
✅բժշկական գործիքներ,
✅պիոքիմիական հումք «Քորոնա» ժահրի աշխտորոշման սրուակներ պատրաստելու համար:

Օդանաւով փոխադրուած են նաեւ ՀՀ պետական միջոցներով ձեռք բերուած, ինչպէս նաեւ չինացի բարերարներու նուիրաբերած բժշկական պարագաներ եւ սարքաւորումներ:

Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ։