image

Արցախեան սահմանին վիրաւոր ունինք

Արցախեան սահմանին վիրաւոր ունինք

Արցախի պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Ապրիլ 5-ին, ժամը 17:30-ի սահմաններուն, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, վիրաւորուած է ՊԲ զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Արայիկ Ռոպերթ Շախպազեան: Այս մասին կը  տեղեկացնեն ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն։

Վիրաւորուած զինծառայողը անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, անոր վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ կ՝ընէ հակառակորդ կողմին ձեռնպահ մնալու սադրիչ գործողութիւններէն եւ կը  յայտարարէ, որ իրադրութեան յետագայ լարման պարագային հետեւանքներու ողջ պատասխանատւութիւնը պիտի իյնայ ատրպէյճանական կողմին վրայ: