image
Հրատապ լուրեր:

Վարչապետը վաղը՝ Երկուշաբթի պիտի պատասխանէ քաղաքացիներու հարցերուն

Վարչապետը վաղը՝ Երկուշաբթի պիտի պատասխանէ քաղաքացիներու հարցերուն

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 6 ապրիլին ժամը 18։30-էն «Ֆեյսպուք»-ի իր էջի ուղիղ եթերի ժամանակ պիտի պատասխանէ քաղաքացիներու հարցերուն։ Նիկոլ Փաշինեանը «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրած է, որ այդ հարցուպատասխանին պիտի տրամադրէ երեք ժամ:

«Պիտի պատասխանեմ ամենաշատ Like հաւաքած հարցերուն: Ընդ որում, Like -երու հաշուարկը պիտի կատարուի հետեւեալ բանաձեւով՝ Like մինուս dislike եւ այլ արձագանգներ:

Այնպես որ՝ Դուք կ'որոշէք, թէ որ հարցերուն պատասխանեմ: Գրեցէք Ձեր հարցերը այստեղ: Մինչ հանդիպում՝ երկուշաբթի օր, ժամը 18։30»,- գրած է Փաշինեանը։