Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա»ի վարակակիրներու թիւը հասաւ 482-ի։ Այս մասին այսօր գրառում մը կատարեց ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեանը:
Ան ֆեյսպուքեան իր էջին ներկայացուցած է «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպքերու վերաբերեալ թարմ տուեալներ:
«Թարմացում, 30.03.2020, 11:00-ի դրութեամբ.
29 Մարտի դրութեամբ ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան հաստատուած 58 նոր դէպք: Նշենք, որ անոնցմէ 25-ը գտնուած է քարանթինի մէջ, 31-ը հաստատուած դէպքերու հետ հաղորդակցածներ են: Մնացած 2 դէպքի շփման շրջանակը կը պարզուի»,- նշած է ան: