image

Մամուլի սահմանափակումները կրնան հանուիլ. Աւինեան

Մամուլի սահմանափակումները կրնան  հանուիլ. Աւինեան

Արտակարգ դրութեան ժամանակ ԶԼՄ-ներու նկատմամբ սահմանափակումները, հնարաւոր է՝ շատ կարճ ժամանակ անց հանուին։ Այս մասին 21 մարտին, Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերի ժամանակ ըսած է Տիգան Աւինեանը՝ անդրադառնալով ԶԼՄ-ներու սահմանափակումներու ազդեցութիւնը վիճարկող կարծիքներուն եւ զանոնք հանելու կոչերուն։

 
«Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ էական ազդեցութիւն ունեցող ապատեղեկատւութիւնը շատ վտանգաւոր է եւ կրնայ խուճապային տրամադրութիւններ ստեղծել։ Այնուամենայնիւ, ազդեցութեան առումով մէկ բանի շուրջ պէտք է համաձայնիմ, որ կը կարծեմ, ընդհանուր առմամբ, այս փուլին մենք ունինք բոլոր կանխարգելիչ գործիքները՝ ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարելու համար։ Չեմ կարծեր, թէ անվստահութիւն կայ պարէտատան, նախարարութեան, կամ վարչապետի յայտնած տեղեկութեան նկատմամբ։ Այսօր ալ հանդիպում ունեցած ենք խմբագիրներու հետ, դեռ չեմ գիտեր՝ ինչպես ամփոփած են ու ինչ եզրակացութիւններ եղած են, բայց կը կարծեմ՝ հնարաւոր է՝  շատ կարճ ժամանակի մէջ ԶԼՄ-ներու սահմանափակումները հանուին»,- ըսած է Աւինեանը։