Ազգային ժողովը 20 մարտին, արտահերթ նիստի ժամանակ առաջին ընթերցմամբ ընդունեց ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի եւ Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին կառավարութեան ներկայացուցած օրինագծրու փաթեթին։
Կողմ քուէարկած է 102, դէմ՝ 0, ձեռնպահ՝ 0:
Երկրորդ ընթերցումը նշանակուած է երկուշաբթի ժամը 11–ին։
Նշենք, որ փոփոխութիւններով կը սահմանուի, որ Արտակարգ իրավիճակի հիմքով յայտարարուած արտակարգ դրութեան ժամանակ մեկուսացման կամ ինքնամեկուսացման պահանջները խախտելու պարագային կը սահմանուի վարչական պատասխանատւութիւն՝ նուազագոյն աշխատավարձի 300-500-ապատիկի չափով, ինչպէս նաեւ կը լրացուի 11-րդ մասը, հետեւեալ բովանդակութեամբ.
«Ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձանց կողմէ արտակարգ դրութեան ժամանակ սահմանուած տեղեկութիւններու հրապարակման կամ տարածման սահմանափակումները խախտելը կ'առաջացնէ տուգանքի վճարում նուազագոյն աշխատավարձի 50-300-ապատիկի չափով։