Ատրպէյճանական զինուժը 8 մարտին, ժամը 15։00-ի սահմաններուն գնդակոծած է Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղը։
NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ Ոսկեպարի վարչական ղեկավար Սերոբ Մախսուդեանը ըսած է, որ 2 կրակահերթ արձակուած է գիւղի վրայ։
Անոր խօսքով՝ վնասուած է Ոսկեպարի բնակիչներէն մէկուն տան դիմային հատուածը եւ բաղնիքի պատը։
Նշենք, որ 1 մարտին եւս գիշերը ատրպէյճանական զինուժը խոշոր տրամաչափի գնդացիրներէ գնդակոծած է Ոսկեպարը։