image

Մեղրիի անցակէտին հսկողութիւնը զօրացուած է․ Թորոսեանը՝ քորոնա ժահրի ներթափանցման վտանգի մասին

Մեղրիի անցակէտին հսկողութիւնը զօրացուած է․ Թորոսեանը՝ քորոնա ժահրի ներթափանցման վտանգի մասին

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը գրառում կատարած է՝ տեղեկացնելով, որ գերատեսչութիւնը կը հետեւի Իրանի մէջ քորոնա ժահրի տարածման իրավիճակին։

«Մենք կը հետեւինք նոր քորոնա ժահրի բռնկումներու դէպքերուն եւ տարածուածութեան ամբողջ աշխարհի մէջ, նաեւ մեր հարեւան Իրանի մէջ: Տեղեակ ենք նաեւ Իրանէն դէպի մեր երկիր ուղեւորահոսքի առանձնայատկութիւններուն` ներառեալ մօտ ժամանակներս սպասուող Նովրուզը: Որպէս յաւելեալ հակահամաճարակային միջոցառումներ` ուժեղ հսկողութեան կ՛ենթարկուին Մեղրիի սահմանային անցակէտով անցնող, ինչպէս նաեւ Իրանէն Հայաստան օդանաւով ժամանող ուղեւորները: Կասկածելի բոլոր դէպքերու համար կը կատարուի նաեւ հսկողութիւն Հայաստանի ամբողջ տարածքին մէջ:

Կը տեղեկացնեմ, որ մինչ օրս նոր քորոնա ժահրով վարակուածութեան դէպք Հայաստանի մէջ չէ արձանագրուած: Կոչ կ՛ընեմ հետեւելու առողջապահութեան նախարարութեան պաշտօնական լրահոսին եւ ատով առաջնորդուիլ:

Նաեւ կը խնդրեմ սուր շնչառական բոլոր վարակները կանխարգիլելու համար հետեւիլ մեր հետեւեալ խորհուրդներուն.

✅ պատուաստուիլ եղանակային կրիփի դէմ` դիմելով հաշուառման դարմանատուններ,
✅ խուսափիլ կրիփով մարդոց հետ շփումէն,
✅ եթէ մարդը հիւանդ է, թող մնա՛ տունը, յատկապէս` եթէ երեխաները կրիփ են մանկապարտէզ եւ դպրոց չյաջախեն՝ ապահովելով բժշկի կողմէ խորհրդատւութիւնը եւ բուժումը,
✅ եթէ մարդը հիւանդ է, հրաւիրել տեղամասային մանկաբոյժին, ընդհանուր կամ ընտանեկան բժիշկին եւ չզբաղիլ ինքնաբուժութեամբ,
✅ չօգտագործել հակապիոթիկներ, քանի որ անոնք ցուցուած չեն կրիփի եւ սուր շնչառական վարակներու բուժման համար, եթէ չեն նշանակուած բժիշկի կողմէ,
✅ հագուիլ եղանակին համահունչ, պահպանել հազալու եւ փռշտալու վարուելակարգը,
✅ օգտագործել հնարաւորին չափ շատ հեղուկներ,
✅ յաճախակի օդափոխել փակ տարածքները,
✅ հետեւիլ անձնական մաքրութեան»,- գրած է Թորոսեանը։


 

ՀՀ առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմինը կը տեղեկացնէ, որ Մեղրիի սահմանային բժշկական հսկիչ կէտին վրայ վերահսկողական աշխատանքներ իրականացնող աշխատակիցներու թիւը աւելցուած է` այս անցակէտէն երկիր մուտք գործողներու հանդէպ զննումներն ու հարցումներն առաւել մեծ խումբով իրականացնելու նպատակով։


Իրանի մէջ 21 փետրուարի դրութեամբ քորոնա ժահրի վարակը հաստատուած է 13 անձանց մօտ, գրանցուած է մահուան չորս դէպք։