image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ցաւակցական հեռագիր յղած է Երուանդ Մանարեանի մահուան կապակցութեամբ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ցաւակցական հեռագիր յղած է Երուանդ Մանարեանի մահուան կապակցութեամբ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ցաւակցական հեռագիր յղած է անուանի հայ դերասան, բեմադրիչ, սենարիստ Երուանդ Մանարեանի մահուան կապակցութեամբ:

«Խոր վիշտով տեղեկացայ մեր մեծանուն արուեստագէտի՝ Երուանդ Մանարեանի մահուան մասին:

Երուանդ Մանարեանը փայլուն ժողովրդական արթիսթ էր, որուն կերտած կերպարները հարստացուցած են հայ շարժանկարի արուեստն ու իրենց անմոռանալի տեղը զբաղեցուցած հայ հանդիսատեսի սրտին մէջ: Ան մեծ դերասան էր, սենարիստ, բեմադրիչ, մանկավարժ, որ կը վայելէր համաժողովրդական մեծ սէրն ու համբաւը:

Մեծանուն արուեստագետ ըլլալէ զատ, Երուանդ Մանարեանը Հայաստանի Հանրապետութեան աշխոյժ քաղաքացի էր, որ տարիներ շարունակ հանդէս կու գար յանուն արդարութեան պայքարի դիրքերէ՝ մշտապէս արտայայտելով իր յստակ դիրքորոշումը:

Անուանի արուեստագէտի, անոր ստեղծագործական ու քաղաքացիական գործունէութեան մասին յիշատակը վառ պիտի մնայ հայ ժողովուրդի բազմաթիւ սերունդներու սրտերուն մէջ: Ամբողջ հայ ժողովուրդի եւ անձամբ իմ անունով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Երուանդ Մանարեանի հարազատներուն, ընկերներուն եւ անոր արուեստի երկրպագուներուն»: