image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ կարգ մը ճանապարհներ դժուարանցանելի են

Հայաստանի մէջ կարգ մը ճանապարհներ դժուարանցանելի են

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 29 յունուարին՝ ժամը 10:00-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին կան դժուարանցանելի ճանապարհներ:

Վարդենեաց լեռնանցքը բաց է բոլոր տիպի մեքենաներու համար, իսկ կցորդիչով բեռնատարերու համար անցանելի է  միայն անուաշղթաներու կիրառման պարագային:

Սոթք-Քարվաճառ ճանապարհը դժուարանցանելի է բոլոր տիպի մեքենաներու համար, իսկ կցորդիչով բեռնատարերու համար անցանելի է միայն անուաշղթաներու կիրառման պարագային:

 
Սիւնիքի մարզի բոլոր ճանապարհներուն տեղ-տեղ առկայ մերկասառոյց:

Վրաստանի ՆԳՆ ԱԻ բաժանմունքէն եւ ՌԴ ԱԻՆ Հիւսիսային Օսիայի Ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տիպի փոխադրային միջոցներու համար:

Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով։