image

Կուտոյեան անձնասպանութեան դիմած է. Նոր վարկածներ

Կուտոյեան անձնասպանութեան դիմած է. Նոր  վարկածներ

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի ինքնասպանութիւնը կատարուած է նեղ անձնական շարժառիթով: Այս մասին 1in.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանը։

«Կէորկի Կուտոյեանի կինը` Յասմիկ Բիշարեանը դիմում է ներկայացրել վարոյթն իրականացնող մարմնին, որպէսզի մենք առանց իրենց համաձայնութեան ինքնասպանութեան շարժառիթի մասին որեւէ տեղեկութիւն չյայտնենք: Այս պահին սպանութեան վարկածը չի քննարկւում։ Այս պահին ուղղութիւնը տարւում է ինքնասպանութեան վարկածով։ Հաշուի առնելով Յասմիկ Բիշարեանի դիմումը, ես կարող եմ ասել, որ ինքնասպանութիւնը կատարուել է նեղ անձնական շարժառիթով: Թոյլ տուէք չբացայայտել չակերտներ, որովհետեւ կայ տուժողի իրաւահաջորդի դիմում», - ըսած է Գրիգորեանը:

Քննչական կոմիտէի նախագահը նշած է, որ Կէորկի Կուտոյեանի մահուան հանգամանքները պարզելու համար նշանակուած է շուրջ 10 փորձաքննութիւն։ Այս պահի դրութեամբ հարցաքննուած է 90-էն աւելի վկայ, պահանջուած են մուտքային եւ ելքային հեռախօսազանգերու վերծանումները, հարցումներ ուղարկուած են տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու: