image
Հրատապ լուրեր:

Արցախ. Ընտրողներու ընդհանուր թիւը 103 հազար 506 է

Արցախ. Ընտրողներու ընդհանուր թիւը 103 հազար 506 է

ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է Արցախի Հանրապետութեան ընտրողներու ընդհանուր թիւը:

ԿԸՀ մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ՝ համաձայն ընթացիկ տարուան 23 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին տրամադրած տեղեկանքի՝ Արցախի Հանրապետութեան ընտրողներու ընդհանուր թիւը կը ազմէ 103 հազար 506:

Ընտրողներու թիւը Ստեփանակերտ քաղաքի մէջ կը կազմէ 39 հազար 218, Ասկերանի շրջանին` 11 հազար 832, Հադրութի շրջանին` 8617, Մարտակերտի շրջանին` 13 հազար 92, Մարտունիի շրջանին`17 հազար 398, Շահումեանի շրջանին` 2136, Շուշիի շրջանին` 3930, Քաշաթաղի շրջանին` 7283: