image

Արցախի ընտրութիւնները յառաջիկայ 31 մարտին

Արցախի ընտրութիւնները յառաջիկայ 31 մարտին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները պիտի կայանան 31 մարտ 2020-ին:

«Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի մամուլի ծառայութենէն:

«Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածի Ա. մասին համաձայն, հանրապետութեան նախագահի հերթական ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն 50 օր առաջ:

Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 109-րդ յօդուածին համաձայն, Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ  հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններուն հետ միաժամանակ»,- այս մասին 20 յունուարին Արցախի հանրային ռատիոյով եւ հանրային հեռուստատեսութեամբ ըսած է ԱՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեանը:

Ան նշած է, որ ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ ընտրական օրէնսգիրքի շարք մը դրոյթներով` Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու օր յայտարարուած է 31 Մարտ 2020-ը:

Հիմք ընդունելով Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի 97-րդ յօդուածի Գ. մասը, համապետական ընտրութիւններու  քուէարկութեան օրը` երեքշաբթի, 31 Մարտ 2020-ը յայտարարուած է ոչ աշխատանքային օր: