image

Առաջնագիծին հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 80 անգամ

Առաջնագիծին հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 80 անգամ

Յունուար 12-էն 18-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը շուրջ 80 անգամ` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 650 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հիմնական ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ շարունակած են վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւն