image

Սերժ Սարգսեան ցաւակցութիւն յայտնեց Կէորկի Կուտոյեանի հարազատներուն

Սերժ Սարգսեան ցաւակցութիւն յայտնեց Կէորկի Կուտոյեանի հարազատներուն

ՀՀ 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը ցաւակցութիւն յայտնած է ՀՀ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Կեորկի Կուտոյեանի անժամանակ եւ ողբերգական մահուան կապակցութեամբ:

«Խորապէս ցնցուած եմ Կեորկի Կուտոյեանի ողբերգական մահուան գոյժէն: Խօսքերն անզօր են արտայայտելու այն մեծ ողբերգութիւնը, որ ոչ միայն Կեորկի Կուտոյեանի՝ անդառնալի եւ չափազանց ցաւալի կորուստ կրած ընտանիքինն է, այլեւ բոլոր անոնցը, որոնք երբեւէ ճանչցած են մարդկային եւ մասնագիտական բարձր որակներ ունեցող, բարեկիրթ եւ պարկեշտ երիտասարդը եւ պետական պաշտօնեան:

Կեորկի Կուտոյեանի հետ կատարուածի քննութեան ընթացքը, նկատի առնելով նաեւ պետութեան մէջ անցեալին անոր զբաղցուցած դիրքը, պէտք է ըլլայ մեր հասարակութեան ակնդէտ ուշադրութեան եւ հսկողութեան ներքոյ»: