image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ. Երէկուան ձիւնաթափէն ետք կան դժուարանցանելի ճանապարհներ

Հայաստանի մէջ. Երէկուան ձիւնաթափէն ետք կան դժուարանցանելի ճանապարհներ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 17 յունուարին՝ ժամը 08:35-ի դրութեամբ, ՀՀ տարածքին կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ:

«Վարդենեաց լեռնանցքը եւ Սոթք-Քարվաճառ ճանապարհը փակ են բեռնատարներու, դժուարանցանելի՝  միւս մեքենաներու համար:

Փակ է Հ-31 ճանապարհի Հարթաշէն-Տաշիր հատուածը:

Դժուարանցանելի են Ելփինի ոլորանները:

Սիւնիքի մարզի ճանապարհներուն տեղ-տեղ առկայ է մերկասառոյց:

Վարդենեաց լեռնանցքին մէջ, Սարաւան-«Զանգեր» հատուածին եւ «Մեղրիի սար» կոչուող հատուածին, Արագածոտնի մարզի Ապարան քաղաքին մէջ կը տեղայ ձիւն: