image
Հրատապ լուրեր:

Հայերու բնաջնջման կամ բռնագաղթեցման նոր փորձերու հնարաւորութիւն պիտի չտանք. Փաշինեան

Հայերու բնաջնջման կամ բռնագաղթեցման նոր փորձերու հնարաւորութիւն պիտի չտանք. Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ուղերձ յղած է Բաքուի հակահայկական ջարդերու 30-րդ տարելիցի կապակցութեամբ: Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՀ վարչապետի խօսքը.

«Յարգելի հայրենակիցներ,

Այսօր մենք կ'ոգեկոչենք Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ հայերու ջարդերու, էթնիք զտումներու ու զանգուածային տեղահանումներու զոհերու անմար յիշատակը: 30 տարի առաջ միջազգային հանրութիւնն ականատես եղաւ ու դատապարտեց Պաքուի մէջ հայ բնակչութեան ջարդերը:

Սումկայիթի ոճրագործութենէն ետք թափ հաւաքող բռնաճշնումներու եւ էթնիք զտումներու քաղաքականութեան հետեւանքով, 1990 թուականին Պաքուի 250 հազարանոց հայկական համայնքէն մնացած էր միայն 35-40 հազարը՝ հիմնական տարեց եւ անօգնական մարդիկ: Անոնց յետագայ ճակատագիրն աւելի ողբերգական էր: Հարիւրաւոր սպանուածներ, խեղուածներ եւ անհետ կորածներ, տասնեակ հազարաւոր փախստականներ. այսպիսին էր շուրջ մէկ շաբաթ Պաքուի մէջ մոլեգնած հակահայկական ջարդերու հետեւանքը:  

Բաքուի հայերը որեւէ սպառնալիք չէին հանդիսանար Ատրպէյճանին, անոր իշխանութիւններուն կամ քաղաքական ուժերուն համար: Անոնք միայն կը ցանկային շարունակել ապրիլ իրենց եւ իրենց նախնիներու ծննդավայրին մէջ: Այնուհանդերձ, Ատրպէյճանի կողմէ անոնք կ'ընկալուէին սպառնալիք միայն իրենց էթնիք ծագման պատճառով:

Հայերը Պաքուի մէջ ապրած էին դարեր շարունակ եւ այդ քաղաքին տուած իրական բազմամշակութային դիմագիծ: 19-րդ դարուն անոնք մեծագոյն աւանդ ունեցած են քաղաքի նաւթարդիւնաբերութեան հիմնադրման եւ զարգացման գործին: Անգնահատելի է հայութեան դերը քաղաքի զարգացման գործին նաեւ խորհրդային տարիներուն:

Դէպքերէն 30 տարի անց Ատրպէյճանի մէջ գոյութիւն չունի Պաքուի հակահայկական ջարդերու զոհերու հանդէպ որեւէ յարգանք եւ կարեկցանք: Այն սակաւաթիւ ձայները, որոնք քաջութիւն ունեցած են անգամ գրական ստեղծագործութիւններու մէջ յիշատակել Պաքուի հայերուն բաժին հասած ողբերգութիւնը, գամուած են անարգանքի սիւնին եւ պաշտօնապէս հռչակուած են դաւաճան:

Անգամ այսօր անօգնական մարդկոց հանդէպ հաշուեյարդար տեսած ջարդարարները կը դասուին Ատրպէյճանի հերոսներու շարքին, իսկ անոնց գործած ոճիրները կը համարուին Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ պայքարի փառապանծ էջ:

Ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ անցած երեք տասնամեակն Ատրպէյճանի մէջ չէ դարձած վերաիմաստաւորման, զղջման եւ հաշտութեան հասնելու ժամանակաշրջան:

Այս ընթացքին ականատես եղած ենք Արցախի բնակչութիւնը բնաջնջելու փորձի, մարդասպանութեան համար պատիժ կրող Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման եւ հերոսացման, 2016թ. ապրիլին Արցախի սահմանամերձ բնակավայրին մէջ տարեց եւ անօգնական մարդոց դաժան խոշտանգման եւ սպանութեան: Հայատեացութիւնը դարձած է Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը եւ հաւատամքը:

Սիրելի հայրենակիցներ,

այսօր, մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր միջազգային կառոյցներուն եւ խորհրդարանական մարմիններուն, որոնք արձագանգած եւ փաստագրած են այս իրադարձութիւնները՝ զանոնք դատապարտելով ու աշխարհին ի ցոյց դնելով:

Գլուխ խոնարհելով մեր անմեղ զոհերու յիշատակի առջեւ, ես ամենայն պատասխանատւութեամբ կը յայտարարեմ՝ հայերու բնաջնջման կամ բռնագաղթեցման նոր փորձերու հնարաւորութիւն պիտի չտանք: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ողջ աշխարհասփիւռ հայութիւնը միասնաբար պիտի ներդնեն իրենց ողջ ներուժը՝ ապահովելու հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ խաղաղ զարգացման իրաւունքը իր պատմական հայրենիքի մէջ, այդ շարքին՝ Արցախի մէջ: