image

Վանաձոր քաղաքին մէջ հրդեհ.Կան տուժածներ

Վանաձոր քաղաքին մէջ հրդեհ.Կան  տուժածներ

10 յունուարին, ժամը՝ 17:40-ին, 911 ծառայութիւն ահազանգ ստացուած է, որ հրդեհ բռնկած է Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքի Ուսանողական փողոցի թիւ 14 շէնքի 4-րդ յարկի բնակարաններէն մէկուն մէջ:

Դէպքի վայր մեկնած ըն ԱԻՆ ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատ:

Փրկարարները ծխապատ գօտիէն տարհանած են 10 բնակիչ: Միլենա Ա.-ն (ծնած 2005 թ.) տեղափոխուած է Վանաձորի Բժշկական կեդրոն, ուր բժիշկները անոր առողջական վիճակը գնահատած են բաւարար։

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 18:31-ին, մարած՝ 19:29-ին:

Այրած է Ուսանողական փողոցի թիւ 14 հանրակացարանի 4-րդ յարկի սենեակներէն մէկը (մօտ 12 քմ)՝ ամբողջ գոյքով, իսկ մէկ այլ սենեակի դուռը՝ ջերմահարուած է։