image

Հայաստանի մէջ երկրաշարժ չէ եղած. Նախարար Ցոլակեան

Հայաստանի մէջ երկրաշարժ չէ եղած. Նախարար Ցոլակեան

Երէկ՝ ժամը 20-ին մօտ, «911»-ը  ահազանգ ստացած է «Տալմա մոլէն», որ այնտեղ իբր ինչ-որ ցնցումներ զգացուած են, «Ազատութեան» ըսած է  արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանը:

«Մեր սեյսմիկ կայանները ոչ մէկ բան գրանցած են, եւ երկրաշարժի մասին տեղեկութիւն չկայ: Մարդոց ըսած էին, թէ իբր այդպիսի բան եղած է: Հիմա մեր աշխատակիցները կը գտնուին այնտեղ: Ցնցումներ չկան այս պահին, բայց ցնցումներ որպէս այդպիսին չեն ալ եղած, այլ ինչ-որ փոքր շարժ նկատուած է, ըսենք անուշահոտ վաճառող խանութի մէջ տուփի շարժ նկատուած է մէկ շարքի վրայ», - մանրամասնած է նախարարը:

Ան յայտնած է նաեւ, որ ԱԻՆ աշխատակիցները կ'ուսումնասիրեն, կը պարզեն, թէ ինչի մասին է խօսքը. - «Ուղղակի մարդոց տարհանած են, որպէսզի յանկարծ որեւէ բան չըլլայ: Որեւէ բան չունինք, երկրաշարժ եւ այլն, կեղծ լուրեր են, անհանգստանալու խնդիր չկայ»:

Նշենք, որ լրատուամիջոցները լուրեր տարածած էին, որ երկրաշարժի վտանգի ահազանգով «Տալմա մոլէն» մարդոց տարհանած են: