image

Ռուս ծերակուտականը շնորհակալութիւն յատնած է Հայաստանի վարչապետին. պատճա՞ռը

Ռուս ծերակուտականը շնորհակալութիւն յատնած է Հայաստանի վարչապետին. պատճա՞ռը

Շատ շնորհակալ եմ մեր հայ գործընկերներուն այն բանի համար, որ պիտի աջակցին Հայրենական մեծ պատերազմի Յաղթանակի 75-ամեակին մեր երկիրներու նախապատրաստումը քննարկելու գաղափարին: Այս մասին 18 դեկտեմբերին ԱԺ-ի մէջ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական մշտական յանձնաժողովի եւ Դաշնային խորհուրդի միջազգային գործերով կոմիտէի համատեղ նիստի աւարտէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսին ըսած է ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար, Կոմիտէի ղեկավար Կոնստանթին Քոսաչեւը:

Անոր խօսքով՝ ռուսական կողմը անկեղծօրէն շնորհակալ է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին համաձայնելու համար մասնակցիլ 9 մայիսին Կարմիր հրապարակին վրայ Յաղթանակի շքերթին: «Եւ մենք համատեղ գործողութիւններու ծրագիրը համաձայնեցուցած ենք ինչպէս այստեղ Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ Ռուսաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներու տարածքներուն՝ այն երկիրներու, որոնք Յաղթանակին այնքանով առնչութիւն ունին, որ որպէս վերջնական արդինք հասնինք՝ միջազգային հանրութեան կողմէ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի արդիւնքներով նացիզմի դէմ յաղթանակը մարդկութեան համաշխարհային ժառանգութիւն ճանչնալուն, իսկ այդ յաղթանակը յաւերժացնող յուշարձանները՝ մարդկութեան համաշխարհային յուշակոթողներ»,- ըսած է Քոսաչեւը: