image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի ժողովուրդը դրական վերաբերմունք ունի երկրի բանակին հանդէպ

Հայաստանի ժողովուրդը դրական վերաբերմունք ունի երկրի բանակին հանդէպ

Հայաստանի հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը դրական կը գնահատէ հայկական բանակի աշխատանքը:

Միջազգային հանրապետական հիմնարկի իրականացուցած հարցման ընթացքին մասնակիցներու ճնշող մեծամասնութիւնը դրական վերաբերմունք արտայայտած բանակի նկատմամբ: Բանակին կը յաջորդեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմը եւ վարչապետի աշխատակազմը:

Հարցման մասնակիցներու 91 տոկոսը դրական արտայայտուած է բանակի նկատմամբ, 8 տոկոսը՝ բացասական, 1 տոկոսը նշած է, որ պատասխան չունի:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի աշխատանքը դրական գնահատած է հարցման մասնակիցներու 82 տոկոսը, 15 տոկոսը՝ բացասական, 3 տոկոսը նշած է, որ պատասխան չունի:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի աշխատանքը դրական գնահատած է հարցուածներու 76 տոկոսը, 22 տոկոսը բացասական գնահատած է, 1 տոկոսը նշած է, որ պատասխան չունի:

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ դրական վերաբերմունք արտայայտած է հարցուածների 74 տոկոսը, 21 տոկոսը բացասական արտայայտուած է, 5 տոկոսը նշած է, որ պատասխան չունի:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի աշխատանքը դրական գնահատած է հարցման մասնակիցներու 63 տոկոսը, 24 տոկոսը բացասական, 13 տոկոսը նշած է «պատասխան չունիմ» տարբերակը:

Հարցուածներու 63 տոկոսը դրական գնահատած են Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան աշխատանքը: 34 տոկոսը բացասական գնահատած է կառավարութեան աշխատանքը, 35 տոկոսը՝ խորհրդարանի աշխատանքը:

Հարցման մասնակիցներու մեծ մասը բացասական գնահատական տուած է դատախազութեան եւ դատարանների աշխատանքին: Դատախազութեան աշխատանքը դրական գնահատած է հարցուածներու 38 տոկոսը, բացասական՝ 55 տոկոսը: Դատարաններու աշխատանքը դրական գնահատած է հարցուածներու 36 տոկոսը՝ բացասական՝ 57 տոկոսը:

Հարցուածներու մեծամասնութիւնը բացասական վերաբերմունք արտայայտած է նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ. 42 տոկոսը քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ դրական վերաբերմունք արտայայտած է, 52 տոկոսը՝ բացասական: