image

Սահմանին վիրաւորոր ունինք

Սահմանին վիրաւորոր ունինք

29 Նոյեմբերին՝ ժամը 15:15-ի սահմանին, ՊԲ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն, հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ պայմանագրային զինծառայող, 1997թ. ծնած Ռաֆայէլ Վաղարշակի Ազիզեանը: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Վիրաւորում ստացած զինծառայողն անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, անոր վիճակը կը գնահատուի ծանր կայուն։ Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: