image

Թուրքիան պէտք է վերանայի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ թշնամական քաղաքականութիւնը․ ԱԳՆ

Թուրքիան պէտք է վերանայի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ թշնամական քաղաքականութիւնը․ ԱԳՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Թուրքիոյ նախագահի՝ ԱՄՆ-ի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ եղած յայտարարութիւններու մասին՝ նշելով, որ անոնց մէջ առկայ են պնդումներ, որոնք նպատակ ունին զոհերու արժանապատւութիւնը վիրաւորելու միջոցով արդարացնելու ցեղասպանութիւնը:

Հայաստանի ԱԳՆ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի յետագայ ծաւալման լոյսին տակ, Թուրքիոյ նախագահը վերջին օրերուն հանդէս կու գայ իրարամերժ եւ իրականութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւններով:

Այս տարի 24 Ապրիլին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան արդէն իսկ արդարացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացումը` զայն որակելով «ամենաողջմիտ գործողութիւն», իսկ ցեղասպանութեան զոհերը` «հայկական աւազակախումբեր եւ անոնց աջակիցներ»: Այժմ Թուրքիոյ նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը կը զրկէ նոյնիսկ իրենց պատմական հայրենիքէն` զանոնք անուանելով քոչուորներ, մոռնալով իր նախնիներուն եւ տարածաշրջանի բնիկներուն պատմութիւնը:

«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը անկասկած անհրաժեշտ են ճշմարտութեան եւ պատմական արդարութեան համար: Սակայն անհրաժեշտ է ոչ այնքան պատմութեան կամ պատմաբաններուն, որքան այսօր համայն մարդկութեան եւ յատկապէս ինքնութեան հողին վրայ կատարուող յանցագործութիւններու զոհերուն համար: Անոնք անհրաժեշտ են այն մարդոց եւ ժողովուրդներուն, որոնց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր, կրօնական եւ էթնիկ ազգային պատկանելիութեան համար, անուանելով ահաբեկիչներ, կ’ենթարկէ բռնութեան եւ բռնագաղթի իր իսկ դրացկ երկրի տարածքին: Ան անհրաժեշտ է ցեղասպան ընկալումներու յաղթահարման եւ մարդու իրաւունքներու համընդհանուր պաշտպանութեան համար:

Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներու եւ միջազգային հանրութեան համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն է, որ նաեւ հիմք կը ծառայէ Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ կանխարգիլման 1948թ․-ի ՄԱԿ-ի պայմանադրութեան մշակման եւ հետագային անոր հիման վրայ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ձեւերու ներդրման համար:

Արդարացնելով եւ ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուժի կիրառումով մերժողական քաղաքականութիւն վարելով իր դրացիներուն հանդէպ, երկու տասնամեակէն աւելի շարունակելով Հայաստանի ցամաքային շրջափակումը, եւ ռազմաքաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերելով Ատրպէյճանին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համար` Թուրքիան կը շարունակէ հանդիսանալ ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդին անվտանգութեան սպառնալիքը:

Թուրքիան պէտք է վերանայի Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ իր ներկայ թշնամական քաղաքականութիւնը, որուն առաջին քայլը կրնայ ըլլալ ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման եւ տարածաշրջանային սպառնալիքներու նուազեցման աշխատանքը», - նշուած է յայտարարութեան մէջ: