ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ֆէյսպուքեան իր էջին Նոր Կտակարանի իր սիրած հատուածը հրապարակած է:
«Նոր Կտակարանի իմ ամենասիրած կտորներէն մէկը:
13Եւ կանչելով իր ծառաները՝ անոնց տասը մնաս տուաւ եւ ըսաւ. «Շահարկեցէ՛ք անոնք, մինչեւ որ գամ»: (...)
15Եւ ազնուականը վերադարձաւ՝ իր թագաւորութիւնն ստացած, եւ կանչեց այն ծառաները, որոնց տուած էր դրամը, որպէսզի իմանայ, թէ ով ինչ շահած էր։
16Եկաւ առաջինը եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, քու մէկ մնասը տասը մնաս բերաւ»։17Եւ տէրը անոր ըսաւ. «Ազնիւ եւ բարի ծառայ, քանի որ այդ փոքր բանի մէջ հաւատարիմ եղար, իշխանութիւն ունեցիր տասը քաղաքներու վրայ»։
18Եկաւ երկրորդը եւ ըսաւ. «Քու մէկ մնասը հինգ մնաս բերաւ»։ 19Տէրը անոր ըսաւ. «Դուն ալ՝ հինգ քաղաքներու վրայ»։
20Միւսն ալ եկաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա քու մնասը, որ թաշկինակի մէջ ծրարած կը պահէի. 21կը վախենայի քեզմէ, որովհետեւ խիստ մարդ ես. կը վերցնես, ինչ որ չես դրած, եւ կը հնձես, ինչ որ չես սերմանած»։
22Եւ տէրը անոր ըսաւ. «Քու բերանով քեզ պիտի դատեմ, անհաւատարի՛մ ծառայ. գիտէիր, որ ես խիստ մարդ մըն եմ, կը վերցնեմ, ինչ որ չեմ դրած եւ կը հնձեմ՝ ուր չեմ սերմանած։23Հապա ինչո՞ւ իմ դրամը լումայափոխներուն չտուիր, որպէսզի ես, գալով, տոկոսներով միասին պահանջէի այն»։
24Եւ սպասաւորներուն ըսաւ. «Վերցուցէ՛ք անորմէ մէկ մնասը եւ տարէ՛ք տուէք անոր, որ տասը մնաս ունի»։ 25Եւ ծառաները ըսին անոր. «Տէ՛ր, արդէն ան տասը մնաս ունի՛»։ 26- Կ'ըսեմ ձեզի, թէ՝ «Ով որ ունի, անոր պիտի տրուի, իսկ անորմէ, որ չունի, պիտի վերցուի եւ այն, ինչ որ ունի»։
Աւետարան ըստ Ղուկասի",- գրած է ան: