image

«Լիտիան Արմենիա»ն դատ բացած է նախարարութեան դէմ

«Լիտիան Արմենիա»ն դատ բացած է նախարարութեան դէմ

«Լիտիան Արմենիա» ՓԲԸ-ն դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան։ Այս մասին «Փաստինֆօ»-ին յայտնած է «Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան իրաւաբան Արմէն Մելքումեանը։ «Հայցը կը վերաբերի ջրօգտագործման թոյլտւութեան նախագիծի ակնյայտ ապօրինի մերժելու հիմքերուն, ժամկէտներու բացթողման, վարչական վարոյթի իրականացման գործընթացներու կոպիտ խախտումներուն եւ այլն»,- ըսած է Մելքումեանը։

Իրաւաբանի խօսքով՝ ներկայացուած է երկու հայցադիմում, մէկը կապուած է անցակէտի, իսկ միւսը՝ ժամկէտի հետ, սակայն հայցադիմումներու վերաբերեալ պաշտօնական փաստաթուղթ դեռ չեն ստացած եւ դատարանի կողմէ հայցադիմումի վարոյթի ընդունման մասին տեղեկացած է «Դատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգէն։

Մելքումեանը նշած է, որ ջրօգտագործման թոյլտւութեան վերաբերեալ առաջին անգամ դիմած են փետրուար ամսուն, սակայն առաջացած է լրացուցիչ փաստաթուղթերու անհրաժեշտութիւնը, այնուհետեւ, ներկայացնելով անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, թարմացուցած են յայտը։ Իսկ երկրորդ անգամ դիմած են ամրան՝ յուլիս ամսուն։

«Եթէ յայտը մերժուի՝ կը կայացուի վարչական որոշում, կայ երկու ճանապարհ։ Առաջինը՝ բողոքարկել վերադաս մարմին եւ երկրորդը՝ դիմել դատարան։ Առաջին պարագային մենք դիմած ենք վերադաս մարմին, սակայն, հասկնալով, որ վերադասութեան կարգով բողոքարկելը անիմաստ է՝ երկրորդ անգամ դիմեր ենք դատարան, արդէն պարտաւորեցման հայցով»,- ըսած է Մելքումեանը։

Ընկերութիւնը դիմած էր նախարարութեան՝ Դարբ գետէն 43.5 լիթր/վայրկեան ջրօգտագործման թոյլտւութիւն ստանալու համար։ 26 Սեպտեմբերին ընկերութիւնը գրաւոր պատասխանած էր նախարարութեան՝ վերանայելով թոյլտւութեան դիմումը եւ դիմելով 40 լ/վ ջրօգտագործման թոյլտւութեան համար: Ըստ ընկերութեան՝ 31 հոկտեմբերին շրջակայ միջավայրի նախարարի կողմէ 25 հոկտեմբերին ստորագրուած ջրօգտագործման թոյլտւութեան դիմումը մերժուած է:

«Լիտիան Արմենիա» ընկերութիւնը դիմած էր ՀՀ վարչական դատարան՝ պահանջելով անվաւեր ճանչնալ 25 հոկտեմբերի որոշումը։

Ընկերութեան հայցադիմումը մակագրուած է ՀՀ վարչական դատարանի դատաւոր Լիանա Յակոբեանին։