image

ՀՀ ԱԳՆ-ն կը դատապարտէ Տէր Զօրի մէջ հայերու սպանութեան պատճառ դարձած ահաբեկչական գործողութիւնը

ՀՀ ԱԳՆ-ն կը դատապարտէ Տէր Զօրի մէջ հայերու սպանութեան պատճառ դարձած ահաբեկչական գործողութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Սուրիոյ Տէր Զօրի նահանգին մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւնը, որու հետեւանքով դաժանաբար սպաննուած են Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովսէփ քահանայ Պետոյեանն ու անոր հայրը՝ Աբրահամ քահանայ Պետոյեանը, վիրաւորուած է եկեղեցւոյ սարկաւագը:

ԱԳՆ-ն յիշեցուցած է, որ հոգեւորականներու կեանքն ընդհատուած է այն պահուն, երբ անոնք ծառայութիւն կը մատուցէին պատերազմէն հիւծուած Տէր Զօրի համայնքին։ Ըստ տարբեր աղբիւրներու՝ հոգեւորականներու սպանութեան պատասխանատւութիւնը ստանձնած է «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը:

«Վերջին ամսուայ ընթացքում Սիրիայի հիւսիս-արեւելքում իրականացուող ռազմական ներխուժումը եւ դրա արդիւնքում աշխոյժացած ահաբեկչական գործունէութիւնը յատկապէս խոցելի են դարձնում քաղաքացիական բնակչութեանը, այդ թւում ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններին։ Ինքնութեան հողի վրայ շարունակուող հետապնդումներն ու սպանութիւնները վճռականօրէն պէտք է դատապարտուեն միջազգային հանրութեան կողմից», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ՀՀ ԱԳՆ-ն խորին ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնած է զոհուածներու հարազատներուն, Սուրիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքին եւ ողջ սուրիահայութեան՝ մաղթելով ուժ, տոկունութիւն եւ ոգիի ամրութիւն:

«Հայաստանը շարունակելու է մարդասիրական աջակցութեամբ իր ներդրումը բերել Սիրիայում մարդասիրական իրավիճակի կայունացման գործին», - նշուած է յայտարարութեան մէջ։