image

Ղարաբաղի հարցի ցանկացած լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ հակամարտութեան 3 կողմերուն համար. Փաշինեանի խօսքը Փարիզի մէջ

Ղարաբաղի հարցի ցանկացած լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ հակամարտութեան 3  կողմերուն համար. Փաշինեանի խօսքը Փարիզի մէջ

Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մասնակցած է Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովին, որուն ներկայ եղած են նաեւ շարք մը պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ:

Վարչապետ Փաշինեանը ելոյթ ունեցած է Համաժողովի վարպետաց դասին, ներկայացուցած է արցախեան հակամարտութեան պատմութիւնը։ Փաշինեանը շեշտած է՝  Արցախի հիմնահարցը դժբախտաբար, հանգուցալուծուած չէ, Ատրպէյճանը կը հրաժարի ուղիղ բանակցութիւններու մէջ մտնելէ Արցախի ժողովուրդի հետ. «Բայց միւս կողմէն Ատրպէյճանի իշխանութիւնը կը պնդէ, որ Արցախը Ատրպէյճանի մաս է, սա շատ տարօրինակ փաստ է, սա կը նշանակէ, որ անոնք կ'ուզեն տարածքներ առանց մարդոց։ Արցախի ժողովուրդը գիտէ, որ ինքը Ատրպէյճանի կազմին մէջ անվտանգութեան երաշխիք չունենար», - ըսած է ան:

Վարչապետ Փաշինեանը համաժողովի ամպիոնէն Ատրպէյճանի իր գործընկերոջ՝ նախագահ Ալիեւին, հրաւիրած է կրկնելու այն, ինչ ինք ըսած է Հայաստանի մէջ. Արցախի հարցի լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի ու Ատրպէյճանի ժողովուրդներու համար։ «Ալիեւը կրնայ առաջինը Ատրպէյճանի ժողովուրդը նշել», - ըսած է Փաշինեանը, ապա շարունակած.

«Ես  անկէ նոյն յայտարարութիւնը կ'ակնկալեմ, որ Ղարաբաղի հարցի ցանկացած լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Ատրպէյճանի, Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդներու համար։ Եթէ  Ալիեւէն  նման յայտարարութիւն լսենք, սա կը նշանակէ, որ մենք ունինք ճեղքում բանակցային ողջ գործընթացին»։

Մինչեւ համաժողովի բացումը վարչապետ Փաշինեանը խորհրդանշական գիրք փոխանցած է համաժողովի գրադարանին՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական մարզական ակումբներու պատմութիւնն ամփոփող՝ Հայկ Դեմոյեանի մենագրութիւնը՝ 600 արխիւային լուսանկարներով։

Յիշեցնենք, որ Վարչապետը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ Փարիզ կը գտնուի՝ մասնակցելու խաղաղութեան երկրորդ համաժողովին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 40-րդ Գլխաւոր խորհրդաժողովին։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովի շրջագիծէն ներս նաեւ առանձնազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Ֆրանսայի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին համաժողովին մասնակցելու հրաւէրն ընդունելու համար եւ նշած, որ կը արեւորէ բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացումը տարբեր ուղղութիւններով։