image
Հրատապ լուրեր:

Արսէն Բաբայեանը ազատ արձակուեցաւ. Aysor.am

Արսէն Բաբայեանը ազատ արձակուեցաւ. Aysor.am

Արսէն Բաբայեանը ազատ արձակուած է, ան Aysor.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ իրեն շատ լաւ կը զգայ:

Aysor.am-ի հարցին, թէ ինչպէս կը գնահատէ իր հետ կապուած իրաւական գործընթացները, Արսէն Բաբայեանն առաջարկած է, հարցերուն պատասխանել աւելի ուշ:

«22 օր ապօրինի անազատութեան մէջ գտնուած են, երթամ տուն, աւելի ուշ կը խօսինք»,- ըսած է Արսէն Բաբայեանը:

Յիշեցնենք, որ Արսէն Բաբայեանին կալանքէն ազատելու համար երաշխավորութիւն ներկայացուցած են ԱԺ պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեանն ու «Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Աւետիք Իշխանեանը։

ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիյէլեանը` անդրադառնալով ԱԺ աշխատակազմի ղեկավարի նախկին տեղակալ Արսէն Բաբայեանի խափանման միջոցը փոխելու որոշման համար իր կողմէ ներկայացուցած երաշխաւորութեան, նշած էր, որ որոշումը քննարկած է իր խումբի հետ:

Հարցին, թէ խումբը արդեօք դէմ չէ եղած այդ որոշման, ան պատասխանած էր. «Եթէ դէմ ըլլային, այդ որոշումս չէր ըլլար»:

Սիսակ Գաբրիյէլեանը նշած էր, որ Արսէն Բաբաեանին ծանօթ է նաեւ լրագրողական նախկին գործունէութեան ընթացքին, շփուած է, հետեւաբար կ'երաշխաւորէ, որ ան ազատութեան մէջ ըլլալով չի խոչընդոտեր նախաքննութեան: