image

Փաշինեան Էլիզէյի պալատին առջեւ դիմաւորուեցաւ Մաքրոնին կողմէ

Փաշինեան Էլիզէյի պալատին առջեւ դիմաւորուեցաւ Մաքրոնին կողմէ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ժամանած է Էլիզէի պալատ, որու մուտքի մօտ անոր դիմաւորած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։ Հայաստանի վարչապետը Էլիզէի պալատին մէջ պիտի մասնակցի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի անունէն «Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովի» մասնակից պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու պատուոյն տրուող ընդունելութեան։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ֆրանսա է աշխատանքային այցով: Փարիզի մէջ ան պիտի մասնակցի Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 40-րդ Գլխաւոր խորհրդաժողովին։ Կը նախատեսուի, որ  Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպում ունենայ ֆրանսահայ համայնքի կառոյցներու ղեկավարներու հետ։