image
Հրատապ լուրեր:

Լաւրովն ընդունելէ ետք Փաշինեան դրական խօսեցաւ հայ-ռուսական յարաբերութեանց մասին

Լաւրովն ընդունելէ  ետք Փաշինեան դրական խօսեցաւ հայ-ռուսական յարաբերութեանց մասին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Կառավարութենէն ներս հիւրընկալած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ ուրախ է ՌԴ արտաքին գործոց նախարարը տեսնել Հայաստան:

«Վերջին անգամ պաշտօնական այցով Երեւան եկած էք երկու տարի առաջ: Այս ընթացքին Հայաստանի մէջ բաւական մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, որոնց արդիւնքով մեր երկու երկիրներու յարաբերութիւնները նոր աշխոյժութիւն ստացած են:

Իմ վարչապետ ընտրուելէս ի վեր ես բազմիցս հանդիպած են ՌԴ նախագահի, վարչապետի հետ: Վերջին 1,5 տարուան ընթացքին հնարաւորութիւն ունեցած եմ Երեւանի մէջ ընդունելու ՌԴ նախագահը ու վարչապետը: Վերջերս Հայաստան այցելեց ՌԴ պաշտպանութեան նախարարը, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Մեր յարաբերութիւններուն մէջ կայ նոր աշխոյժութիւն:
Վերջերս պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերինք, որ յաջորդ տարի տեղի պիտի ունենայ իմ պաշտօնական այցը Ռուսաստան: Անկէ ետք պիտի կայանայ ՌԴ նախագահի պաշտօնական այցը Հայաստան: Ուրախ եմ արձանագրել, որ ԵՏՄ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութիւնը բաւական արդիւնաւէտ եղաւ: Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ԵՏՄ բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստը, որ աննախադէպ էր իր մաշտապներով: Ես ուրախ եմ, որ մեր նախագահութեան ընթացքին պայմանագիր ստորագրեցինք Սերպիայի, Սինկափուրի հետ, ազատ առեւտուրի պայմանագիր ստորագրեցինք Իրանի հետ, նաեւ Չինաստանի հետ»,-ըսած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ Ռուսաստանի հետ ապրանքաշրջանառութիւնը այս տարի պիտի հասնի 2 միլիառ տոլարի:

Հայաստանի վարչապետը վստահութիւն յայտնած է, որ Լաւրովի այցը նոր լիցք պիտի տայ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններուն:

«Դուք վերջերս յայտարարած էք, ես նոյնպէս շատ մեծ լաւատեսութեամբ կը նայիմ մեր յարաբերութիւններուն»,-ըսած է վարչապետը:

ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը շնորհակալութիւն յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանին` ընդունելութեան համար` ընդգծելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի տնտեսական գերատեսչութիւններու սերտ համագործակցութիւնը: ՌԴ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է նաեւ, որ յաջորդ տարի Հայաստանի մէջ ռուս-հայկական միջտարածաշրջանային համաժողով տեղի պիտի ունենայ:

Յատկանշական է, որ Լաւրով շփոթած է եւ Փաշինեանին դիմած է «պարոն նախագահ»-ով:

ՌԴ նախագահը անդրադառնալով Հայաստանի մէջ նախորդ տարի տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն նշած է, որ այն չէ խանգարած ապահովել երկու երկիրներու յարաբերութիւններու իրաւայաջորդութիւնը, զարգացնել դաշնակցային յարաբերութիւնները:

Լաւրովը աւելցուցած է, որ Հայաստանի ու Ռուսաստանի միջեւ սերտ շփումներ կան բոլոր ուղղութիւններով:  «Մենք ուրախ ենք, որ երկկողմ առեւտուրը կը զարգանայ: ՌԴ-ն Հայաստանի համար առաջատար գործընկեր է, թիւ մէկ ներդրողը: Համագործակցութիւնը ԵՏՄ-ի, ՀԱՊԿ-ի, ԱՊՀ-ի մէջ, իհարկէ, կը գտնուի մեր ուշադրութեան կեդրոնին, եւ մենք կը շնորհաւորենք Հայաստանը ԵՏՄ-ի մէջ արդիւնաւէտ նախագահութեան համար: Բառացիօրէն երկու շաբաթէն Պիշքէկի մէջ տեղի պիտի ունենայ եւս մէկ կարեւոր իրադարձութիւն՝ այս անգամ ՀԱՊԿ գագաթնաժողովը, ուր պիտի որոշենք մեր փոխգործակցութիւնը ռազմաքաղաքական անվտանգութեան վերաբերող հարցերու շուրջ»,-ըսած է Լաւրովը: 

Յիշեցնենք` ՌԴ արտաքին գործոց նախարարը պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած է երէկ` 10 նոյեմբերին: