image

ՀՅԴ երիտասարդները բողոքի գործողութիւնները պիտի շարունակեն երկուշաբթի օր

ՀՅԴ երիտասարդները  բողոքի   գործողութիւնները  պիտի  շարունակեն երկուշաբթի  օր

 Հայաստանի  ՀՅԴ  ՀԵՄ-ի  անդամներ, ինչպէս նաեւ  ԵՊՀ-ի ուսանողներ  բողոքի  իրենց գործողութիւնները պիտի  շարունակեն  առաջիկայ   երկուշաբթի  օր։ 

    Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ    «Թերթ.ամ»  կայքը նշելով, որ վաղը  շաբաթավերջին  առաջին օրն ըլլալով  երիտասրդները նպատակայարմար չեն  գտած   իրենց բողոքի  նստացոյցը շարունակել  Կրթութեան նախարարութեան շէնքին դիմաց   պահանջելով Կրթութեան եւ Գիտութեան  նախարար Արայիկ   Յարութիւնեանի     հրաժարականը։