image

«Երեւանը գանձ է ...» Forbes-ի անդրադարձը

«Երեւանը գանձ է ...»  Forbes-ի  անդրադարձը

Forbes-ը նիւթ հրապարակած է Երեւանի մասին՝ այն ներկայացնելով որպէս գանձ անոնց համար, որոնք կը սիրեն խմել եւ ուտել։

«Երեւանը շատ անվտանգ, բարեացակամ,  կենդանի քաղաք է՝ գրաւիչ ճարտարապետութեամբ եւ հարուստ պատմութեամբ։ Այն կ'անուանեն նաեւ «վարդագոյն քաղաք» շինութիւններու պատճառով, որոնք կառուցուած են տուֆէ»,-կը  գրէ պարբերականը։

Հեղինակ Թոմ Միւլենը խորհուրդ կու տայ այցելել վայրեր, ուր կարելի է զբօսնել, համեղ ուտել եւ խմել... Կը խօսուի ե՛ւ Քասքատի մասին՝ իր իւրօրինակութեամբ, թանգարանով, բազմազան ցուցադրութիւններով, ե՛ւ օփերայի հրապակի, եւ Հանրապետութեան հրապարակի մէջ երգող շատրուաններու մասին։

Միաժամանակ հեղինակը ճաշարաններ եւ վայրեր խորհուրդ կու տայ, կը ծանօթացնէ գինիի տեղի ապրանքանիշերու եւ այդ խմիչքը արտադրողներու հետ։ Միւլենը խորհուրդ կու տայ այցելել նաեւ Սարեան փողոց, ուր գինի խմելու համար բազմաթիւ վայրեր կան, եւ իւրաքանչիւր տարի տեղի կ'ունենան յայտնի գինիի օրերը։ Մանրամասները՝ այս յղմամբ։