
Երեւանի մէջ մեկնարկած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստը: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ նիստը տեղի կ'ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ:
Խորհրդարանական վեհաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, ՀԱՊԿ ԽՎ նախագաh Վիաչեսլաւ Վոլոտինը, Պելառուսիայի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի, Ուզպէքստանի, Աֆղանստանի, Սերպիայի խորհրդարաններու խօսնակները, ՌԴ Դաշնային խորհուրդի փոխխօսնակ Եուրի Վորոպեովը: Սերպիայի եւ Աֆղանստանի խորհրդարաններու ղեկավարները նիստին կը մասնակցին որպէս դիտորդ:
Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը բացման խօսքին մէջ ողջունած է վեհաժողովի խորհուրդի նիստի մասնակիցները եւ մաղթած արդիւնաւէտ աշխատանք:
Խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստի աւարտէն ետք պիտի մեկնարկի ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ լիագումար նիստը:



















