image

Առաջիկայ նոյեմբերին Սերկէյ Լաւրով Հայաստան պիտի այցելէ

Առաջիկայ նոյեմբերին Սերկէյ Լաւրով Հայաստան պիտի այցելէ

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը նոյեմբեր 10-11-ը պիտի այցելէ Հայաստան: Ինչպէս կը գրէ «Քոմերսանթ» թերթը՝ աղբիւրներու յղումով, այցի շրջածիրէն ներս յուշագիր պիտի ստորագրուի, որ պիտի երաշխաէորէ ռուս մասնագէտներու այցը Հայաստանի մէջ գտնուող կենսաբանական տարրալուծարան, որ ստեղծուած է ԱՄՆ ռազմական գերատեսչութեան՝ Փենթակոնի տրամադրած միջոցներով:

Պարբերականը նշած է, որ Ռուսաստանը բազմիցս քննադատած է ԱՄՆ-ն՝ ռուսական սահմաններու մօտ «ռազմա-բժշկա-կենսաբանական աշխոյժութեան» համար եւ խոստացած է հասնիլ անոր, որ հարեւան երկիրներու մէջ գործող տարրալուծարաններու գործունեութիւնը թափանցիկ ըլլայ իր համար:   

Մէկ այլ աղբիւր հաստատած է, որ փաստաթուղթի բովանդակութիւնը պատրաստ է եւ միջգերատեսչական համաձայնեցում տեղի կ'ունենայ: Ան պարզաբանած է, որ յուշագիրը կ'ենթադրէ երկու երկիրներու համագործակցութիւն բժշկա-կենսաբանական ոլորտի մէջ:

Հայաստանի մէջ գործող կենսաբանական տարրալուծարան կրնան այցելել  ՌԴ առողջապահութեան ու պաշտպանութեան նախարարութիւններու մասնագէտները: