image

Հակառակորդը հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է 1100 կրակոց

Հակառակորդը հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է 1100  կրակոց

Հոկտեմբեր 13-էն 19-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը աւելի քան 150 անգամ` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ  1100 կրակոց:

ՊԲ-ի առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին եւ անհրաժեշտ քայլեր կը ձեռնարկեն մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար: