image

Երեւանի մէջ կրակոցներ

Երեւանի մէջ կրակոցներ

17 Հոկտեմբերին՝ ժամը 21։30-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Աւան-Առինջ 2-րդ շրջանի 1/13 շէնքի բակին մէջ կրակոցներ հնչած են։

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ ոստիկաններն ու քննիչները դէպքի վայրի մէջ յայտնաբերած են «Մակարով» ատրճանակէն կրակուած 3 պարկուճ, 1 գնդակ։ Կրակոցներու հետեւանքով վնասուած են նշուած շէնքի բակին մէջ կայանուած Honda Fit մակնիշի  եւ Opel Astra մակնիշի մեքենաներու կողային ապակիները։

Այս պահի տեղեկութիւններով՝ կրակոցներու հետեւանքով տուժածներ չկան, սակայն ոստիկաններն ու քննիչները կը փորձեն պարզել՝ արդեօ՞ք հիւանդանոցները՝ վիրաւորում ստացած քաղաքացիներ տեղափոխուած են, թէ ոչ։

Փաստի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։ Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ հետախուզական եւ քննչական համատեղ գործողութիւններ՝ դէպքի հանգամանքները բացայայտելու ուղղութեամբ։