image

Փաշինեան-Ալիեւ զրոյց Աշխապատի մէջ կայացած ճաշի ընթացքին

Փաշինեան-Ալիեւ զրոյց Աշխապատի մէջ կայացած ճաշի ընթացքին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը քննարկած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ իրավիճակն ու լարուածութիւնը մեղմելու հնարաւորութիւնները: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեանը:

«Ճաշի ընթացքին, որ կազմակերպուած էր նախագահող կողմի նախաձեռնութեամբ, Ալիեւն ու Փաշինեանը նստած էին իրար կողք, քանի որ այբբենական կարգով սահմանուած էր եւ տեղի ունեցած է մտքերի փոխանակութիւն, զրոյց: Այն հիմնականում նուիրուած է եղել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ իրավիճակին, լարուածութիւնը մեղմելու հնարաւորութիւններին, յառաջիկայ քայլերին»,- ըսած է Կարապետեանը:

Վարչապետի մամուլի խօսնակը նշած է, որ զրոյցը տեւած է է 1.5-էն 2 ժամ:

Ճաշկերոյթը կազմակերպուած է Աշխապատի մէջ, Հոկտեմբեր 11-ին կայացած ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի շրջագիծէն ներս: