image
Հրատապ լուրեր:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը համաձայ չէ Բալասանեանի տեսակէտներուն

Պաշտօնական Ստեփանակերտը համաձայ չէ Բալասանեանի տեսակէտներուն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար, զօրավար Վիթալի Բալասանեանը livenews.am կայքին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցի ժամանակ օրինականութեան հետ կապուած խիստ վիճայարոյց միտքեր յայտնած է։ Վիթալի Բալասանեանի նշանակէտին յայտնուած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ «Սասնայ ծռեր» կուսակցութիւնը։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանը նշած է, որ Վիթալի Բալասանեանի յայտարարութիւնները լոկ իր անձնական կարծիքն են։

«Այդ յայտարարութիւնը որեւէ կապ չունի պաշտօնական Ստեփանակերտի, Արցախի Հանրապետութեան, Արցախի ժողովուրդի կարծիքի հետ։ Ես կը կարծեմ եւ համոզուած եմ, որ բոլորի պարտքն է ընել ամէն ինչ, որ մեր երկու ժողովուրդներու միասնականութիւնը ըլլայ ուժեղ, անսասան։ Որեւէ մէկուն իրաւունք չէ վերապահուած խարխլելու մեր միասնականութիւնը, ով ուզէ ան ըլլայ, ինչ ճանապարհ ուզէ՝ անցած ըլլայ։ Կարեւոր չէ՝ այդ մարդը կ'ըլլայ Արցախէն, Հայաստանէն, թէ Սփիւռքէն։ Հետեւաբար, բոլորը պէտք է այս ընդունին որպէս հրամայական, ոչ թէ քմահաճոյք»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը։